2014-09-18 08:39:18

''Ծերութիւնը պէտք չէ նկատել որպէս նաւաբեկութիւն` ըսած է Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։


Վատիկանի մէջ Ընտանիքի մասին գումարուած սիւնհոդոսի հայող ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, յառաջիկայ 28 սեպտեմբերին կայանալիք` Սրբազան Քահանայապետին տարեցներուն հետ հանդիպումին ի տես, Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա` Ռատիովատիկանի հետ ունեցած մէկ ելոյթով յայնտած էր թէ ''ծերութիւնը պէտք չէ նկատել որպէս նաւաբեկութիւն` կեանքի կորուստ, այլ որպէս իւրայատուկ կոչում մը։ Հազար Փառք Աստուծոյ, որ մարդու կեանքը երկարեցաւ։ Այդ ուղղութեամբ ընկերութիւնը տակաւին պատշաճ խորհրդածութիւն մը չկատարեց, ոչ քաղաքական, ոչ տնտեսական եւ ոչ ալ մշակութային գետնի վրայ։ Իմ կարծիքով ''ծերութեան օրը'' բարեպատեհ առիթ մը պիտի հանդիսանայ խորհրդածելու, խորհացնելու եւ զարգացնելու մարդու երկարակեցութեան նիւթը'', ըսաւ Գերապայծառ Փալիա, ապա ընգծեց որ ''տարեցները պէտք չէ ըլլան սոսկ ուշադրութեան ու խնամքի առարկայ, անոնք կը ներկայացնեն կեանքի նոր հեռանկար մը։ Հետեւաբար պէտք է նոր մօտեցում մը ունենալ անոնց երկարակեցութեան ու անոնց յանձնառումին ու դերին նկատմամբ, աշխարհի ու Եկեղեցւոյ մէջ։
Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` ապա յայտնեց թէ ''բացի անոնց աւանդական պարտականութիւններէն`որոնց շարքին օգնութեան հասնիլ իրենց զաւակներուն ու թոռնիկներուն հաղորդել հաւատքը, անոնք շատ աւելի ժամանակ ունին աղօթքի ու աւետարանի քարոզութեան, ինչպէս կը կատարէր տաճարին մէջ Աննա մարգարէուհին։ Իսկ քաղաքացիական գետնի վրայ, տարեցները կարող են բացայայտել ընկերութեան` որ ծերութիւնը վերջնական ողբերգութիւն մը չէ, այլ անդենականութեան յոյսի ողջ վկայութիւն մը հաստատեց Գերապայծառ Փալիա։







All the contents on this site are copyrighted ©.